Յիսնամեակը

Written on April 4, 2008 – 9:45 am | by agon Paul Bogdan |

1944 Օգոստոս – Սեպտեմբերին Ռումանիոյ լեռնային այդ աւանին բնակիչներուն ճակատագիրը կը գրուէր երբեմն արիւնով, երբեմն յուսահատ փախուստի ոլորուն արահետներուն անընթեռնելի նշաններով: Պատերազմն էր որ խորշակի մU պէս կը թաւալէր, ցամաքեցնել սպառնալով կենդանութեան ամէն մէկ ծիլ:

Գերմանները կը նահանջէին եւ թափուր միջոցը կը լեցուէր համայնավար գազանին վախովը:

Պզտիկ ճաշարանի մը տէր եղած իմ գերտաստանս խուճապահար կը փութար երկաթուղիի կառքին մէջ թխմել ունեցած-չունեցածը ժամ առաջ հասնելու համար Գերմանիա:

Բուռ մը Հայեր, ճակտի քրտինքով ճարած կարասիներուն քովիկը կքած, յանկարծ շանթահար կ’անշարժանան ի լուր թագաւորին յայտարարութեան, որ Ռումանիա զէնքը կը դարձնէ երէկուան դաշնակցին՝ Գերմանիոյ դէմ եւ գրկաբաց կ’ողջունէ խորհրդային բանակները:

Կեանքը կտրուկ կը փոխէ իր հունը տարիներուդ վաստակը, յոգնաջան աշխատանքիդ պտուղը յանկարծ մահավճիռդ կը դառնան. Ունեցած պզտիկ ճաշարանդ դէմդ գրուած ամբաստանագիր մըն է յաչս Ռուսերուն, որոնք չունեւորը միայն ապրելու արժանի կը նկատեն: Երթա՞ս հիմա, թէ չերթաս:

Վեց հոգի էին անոնք, որ իջան կառքէն. Տասներեք տարեկան հայրս, իր քոյրն ու եղբայրը, իր ծնողքն ու մեծ հայրը: Իջան, որպէսզի դարձեալ ապաստան փնտռեն, այս անգամ լքուած աղեհանքի մը մէջ: Հայրս կ’ելլէր գիշերը, քաղաքը կ՝իջնէր, կը սլքտար ամայի փողոցները գտնելու համար կտոր մը հաց, կուժ մը ջուր’ գինով Ռուսի մը հայհոյանքո՜վը համեմուած:

Երկար չկրցան դիմանալ սակայն. Հօրս մեծ հայրը փորի հիւանդութիւն մը ունեցաւ, որ զիրենք ստիպեց ելլել թաքստոցէն ու յանձնուիլ Աստուծոյ ողորմութեան:

Աստուծոյ ողորմութիւնը կը մարմանցնէր խորհրդային բանակին պարէտը, որ Հայ մըն էր ու ատելի աստեղազարդ համազգեստին տակ ալ պահած էր Հայու սիրտը: Անականկալ այդ հովանաւորութիւնը ազատած էր ընտանիքս թէ՝ հալածանքէ, թէ՝ բոլոր ունեւորներուն բաժին ինկած նախատինքէ:

Ընտանեկան պատմութեան այս դրուածքը թերեւս գրի պիտի չառնուէր, եթէ Հայու անքննելի ճակատագիրը չթելադրէր այդ պատմութեան տխուր վերջաբանը, կէս դար վերջ:

Սակայն վերջաբանին չհասած կը կատարուի հետեւեալը. Հօրս մեծ հայրը գամուած է հիւանդութեան իր մահիճին՝ տնեցիներուն խնամքին ու կարեկցութեան անձնատուր, երբ խորհրդային «ազատարար» բանակին զինուորները կը խուժեն ներս, ըստ սովորութեան՝ կողոպուտի նպատակով:

Հայու համբերութիւնը անսահման ըլալ կը թուի, բայց չէ’: Լուռ տառապանքին վերջակէտը զէնքին շաչիւնը կ’ըլլայ՝: Ըմբոստ մեզ հայրս նորէն փախուստի կը դիմէ, այս անգամ լեռները, ուր գայլերուն դէմ միայնակ կը վայելէ «ճերմակ» ահաբեկիչի իր դառն փառքը:

Սակայն շաբաթ մը վերջ կատարուածին մանրամասները յայտնի կը դառնան հայազգի հրամատարին, որ կը պատժէ կողոպտիչ զինուորներն ու տունդարձի արտօնութիւն կուտայ փախստական մեծ հօրս:

Ընտանիքիս ազատ ազնիւ այդ հայորդին կը զոհուի քիչ մը վերջ ու կը թաղուի քառասուն այլ խորհրդային զինուորներու կողքին:

Այժմ հասած կը թուի անակնկալ վերջաբանին կարգը: Յիսուն տարի վերջ, Երուսաղէմ, կը պարզուի, որ ուսոցիչներէս մին այդ հրամանատարին եղբօրորդին է: Հայրենաբնակ իրենց գերդաստանը տեղեկութիւն իսկ չէ ունեցած, թէ ո՝ւր թաղուած էր Ռումանիա զոհուած Սամուէլ Գրիգորեանը:

Արիւնակցութեան զգացումը ժառանգական է: Անգամ մը հայաստանցի մը կ’ազատէ Ռումանահայ ընտանիք մը: Ես այդ մարդոց թոռն ու ծոռս, Երուսաղէմէն կ’օրհնեմ Սամուէլ Գրիգորեանի յիշատակն ու երախտիքս կը յայտնեմ հայրենաբնակ Գրիգորեաններուն:

Գրեալ յԵրուսաղէմ

1996

Related Posts

Put your related posts code here
  1. One Response to “Յիսնամեակը”

  2. By Турок on Dec 2, 2008 | Reply

    Тема ну просто пиздец.
    Неужели ничего поактуальней не нашлось?

Post a Comment

About Us :: :: :: Despre Scriptor.Info

You blog? Create your free BLOG. You must use your account with Agonia.Net to login and only then create a blog. More info here...

Want to subscribe?

 Subscribe in a reader Or, subscribe via email:
Enter your email address:  
Find entries :